By Asbarez | Thursday, 06 November 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ ներկայացուց խոր-հրդարան։
Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին՝ նոր օրինագիծը Ցեղասպանութեան ժխտման համար 5 տարուան բանտարկութիւն եւ 45 հազար եուրօ տուգանք պիտի սահմանէ:
Թրքական կայքը կ՛աւելցնէ, որ մօտաւորապէս 80,000 հայ բնակչութիւն ունեցող Մարսէյ քաղաքէն ընտրուած Պուայէն, 23 պատգամաւորներու ստորագրութեամբ օրինագիծը Նոյեմբեր 4ին յանձնած է Ֆրանսայի խորհրադարանի ղեկավարութեան:
Նոր օրինագիծը ստորագրողներու շարքին է Փաթրիք Տեւեճեանը:
Աւելի կանուխ Պուայէ յայտարարած էր, թէ յոյս ունի, որ նոր օրինագիծը շուտով կը դրուի խորհրդարանի օրակարգին վրայ։ Ան նախապէս նոր օրինագիծը ղրկած էր խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններուն՝ 40է աւելի պատգամաւորներէ աջակցութեան խոստում ստանալով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ