ԼՂՀ պատուիրակութիւնը աւարտած է աշխատանքները Լոնտոնի մէջ կայացած միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին

By Asbarez | Friday, 07 November 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Նոյեմբեր 6ին աւարտած է Մեծ Բրիտանիոյ Լոնտոն քաղաքին մէջ կայացած «WTM-Excel London-2014» միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսը, որուն մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութիւնը, որ կատարած է լայնածաւալ քարոզչութիւն՝ Արցախի զբօսաշրջային ներուժը ներկայացնելով բրիտանական զբօսաշրջութեան շուկային մէջ: Բացի տեղեկատուական նիւթեր տարածելէ, պատուիրակութիւնը կազմակերպած է գինիի համտես, ինչպէս նաեւ՝ աւանդական ուտեստներու հիւրասիրութիւն՝ բազմապատկելով Արցախի տաղաւարի այցելուներուն թիւը:

Այս անգամ եւս ատրպէյճանական կողմը զերծ չմնաց իր աւանդական սադրանքներէն: Ցուցահանդէսի աշխատանքներուն երկրորդ եւ վերջին օրերուն խումբ մը ատրպէյճանցի երիտասարդներ դրօշներով շրջապատած էին Արցախի տաղաւարը եւ փորձած խափանել պատուիրակութեան աշխատանքները՝ փակելով մուտքը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի տաղաւար: Յատկանշական է, որ «ցուցարարներուն» մէջ կային նաեւ Բրիտանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցներ: Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւններու ջանքերուն շնորհիւ կարելի դարձած է կասեցնել սադրանքը. կարճ ժամանակ ետք անվտանգութեան աշխատակիցները կրցած են գտնել ատրպէյճանցի կարգազանց երիտասարդները:


Ըստ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեանի, որ կը գլխաւորէր Արցախի պատուիրակութիւնը Լոնտոնի ցուցահանդէսին՝ «վերջին շրջանում միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսներում ադրբեջանցիների նման սանձազերծ պահուածքը պայմանաւորուած է գլխաւորապէս ՄԱԿի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնում Ադրբեջանի կողմից նախաձեռնուած հակահայկական բանաձեւի ձախողմամբ: Խօսքը վերաբերում է ս.թ. Հոկտեմբերին Սամարղանդում կայացած նշեալ կառոյցի գործադիր խորհրդի նիստում Ադրբեջանի կողմից նախաձեռնուած «Օկուպացուած տարածքներում զբօսաշրջութեան քարոզչութիւնը կանխելու մասին» բանաձեւին: Նիստի ընթացքում Ադրբեջանի կողմից առաջարկուած վերոյիշեալ բանաձեւը չի ընդունուել ոչ մի երկրի կողմից: Իսկ ադրբեջանական ցոյցերը նպատակ են հետապնդում ֆիզիքապէս անհնար դարձնել ԼՂՀ մասնակցութիւնը միջազգային խոշոր ցուցահանդէսներին, սակայն ապարդիւն», նշած է Սերգէյ Շահվերդեանը:


comments

Advertisement