By Asbarez | Friday, 07 November 2014
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ազդակ».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիա մօտիկ ապագային Ռուսիայէն «Էս. 300» հրթիռներ եւ արդիական այլ զէնքեր պիտի ստանայ՝ աւելցնելով, որ Դամասկոս ինք Մոսկուայէն խնդրած է այդ զէնքերը մատակարարել, որպէսզի պատրաստ ըլլայ որեւէ հաւանականութեան, մասնաւորաբար եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ յաւելեալ ճնշումներու ենթարկուի՝ Սուրիան հարուածելու համար:
Մուալլեմ ըսաւ, որ Դամասկոսի ռազմավարական որոշումը թրքական որեւէ յարձակումի դէմ դնելն է՝ յոյս յայտնելով, որ Սուրիա կարելի եղածին չափ շուտ կ՛ունենայ այն արդիական զէնքերը, որոնք պիտի երաշխաւորեն այդպիսի յարձակումի մը ձախողութիւնը: Սակայն, ան նշեց, որ իր երկիրին կարծիքով՝ Թուրքիան տեսանելի ապագային չի կրնար այդպիսի յարձակում մը գործել, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ միջամտելու համար Թուրքիոյ նախապայմանները Ուաշինկթընի եւ Ռիատի կողմէ մերժուած են, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ կացութիւնը փխրուն է եւ քրտական ըմբոստութեան մը հաւանականութիւնը մեծ է: Մուալլեմ աւելցուց, որ Քոպանիի (Արաբունար) մէջ քիւրտերու դիմադրութիւնը ձախողութեան մատնեց «էրտողանեան քաղաքականութիւնը», փոխարէնը՝ իմաստաւորեց Օպամայի օդային արշաւը:
Սուրիական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ հաշտութեան հեռանկարներ գոյութիւն չունին, իսկ Քաթար փորձած է Սուրիոյ հետ հաշտուիլ, սակայն Դամասկոս մերժած է: Ան ըսաւ, որ եթէ Քաթար հաշտութիւն կ՛ուզէ, ապա պէտք է դադրի ահաբեկիչներուն աջակցելէ եւ Սուրիոյ դէմ իր արշաւը անմիջապէս կասեցնէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ