Փութին «ամբոխավար բռնակա՞լ» կոչած է Էրտողանը

By Asbarez | Friday, 07 November 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, պաշտօնական լուսաբանութիւն մը հրատարակելով՝ հերքեց այն լուրը, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «ամբոխավար բռնակալ» որակած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը։


Հրատարակուած լուրին համաձայն՝ Փութին Հոկտեմբեր 24ին, «Վալտա» ակումբին մէջ իր ըրած ճառախօսութեան ընթացքին, «ամբոխավար բռնակալ» որակած էր Էրտողանը ու շատ ծանր լեզուով քննադատած Անգարայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ գործադրուած քաղաքականութիւնը։ Փութին աւելցուցած էր, որ Թուրքիոյ վարչակարգը այլեւս լուրջ վտանգ մը դարձած է միջազգային ապահովութեան տեսակէտէն, եւ որ Ռուսիա չի կրնար անտեսել այս իրողութիւնը։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուցած է, թէ լուրը Ռուսիոյ մէջ «զարմանք ու զայրոյթ յառաջացուցած է» ու նշած է, որ այսպիսի գրգռիչ լուրեր հրատարակողները երբեք պիտի չհասնին իրենց նպատակներուն։


comments

Advertisement