Քննարկուած են «Մայքրոսոֆթ»ի հետ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան կառավարութեան եւ պետական հատուածին հետ համագործակցութեան առնչուող տնօրէն Մարք Տէյը:


Ողջունելով հիւրը՝ վարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը աշխոյժ կերպով կը համագործակցի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի ընկերութիւններուն հետ՝ աւելցնելով, որ այդ բնագաւառը գործադիրի ծրագիրի առանցքային ուղղութիւններէն մէկն է: Ըստ Յովիկ Աբրահամեանի՝ Հայաստանի կառավարութիւնը տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ շարք մը յաջողած ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ կը կատարէ բազմաթիւ միջազգային ընկերութիւններու, որոնց կարգին «Մայքրոսոֆթ»ի հետ։

«Մեր համագործակցութեան շրջանակում արդէն իսկ ունենք համատեղ ձեռքբերումներ: «Մայքրոսոֆթ» ինովացիոն կենտրոնն իր գործունէութեամբ խթանել է մեր երկրում այս ոլորտում նոր գաղափարների ներդրումը եւ սկսնակ ընկերութիւնների ձեւաւորումը», նշած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ միացեալ կարեւոր նախաձեռնութիւններէն է նաեւ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ «Մայքրոսոֆթ» տեղեկատուական արհեստագիտութեան ակադեմիոյ հիմնումը: Նկատի առնելով «Մայքրոսոֆթ»ի հետ փոխգործակցութեան յաջող փորձը՝ վարչապետը ներկայացուցած է երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող շարք մը ծրագրային առաջարկներ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Մարք Տէյ նշած է, որ տպաւորուած է «Մայքրոսոֆթ»ի եւ Հայաստանի կառավարութեան համագործակցութեամբ ու ձեռքբերումներով: «Հայաստանի հեղինակութիւնը տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ իր յաջողութիւններով հասած է համաշխարհային մակարդակի եւ բազմաթիւ երկիրներ հետաքրքրուած են ձեր երկրի անցած ուղիով», ըսած է Մ. Տէյ: Ան ընդգծած է, որ «Մայքրոսոֆթ»ը հետաքրքրուած է Հայաստանի կառավարութեան հետ երկարաժամկէտ համագործակցութեամբ եւ շեշտած Հայաստանի կարելիութիւնները՝ արհեստագիտութեան զարգացման կեդրոնի վերածուելու իմաստով։

Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են համագործակցութեան ընդլայնման առնչուող այլ հարցերու:


comments

Advertisement