Տը Միսթուրա Դամասկոսի մէջ քննած է Հալէպի մէջ խաղաղ գօտիներու ստեղծման հարցը

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Կիրակի, Նոյեմբեր 9ին, Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած է Հալէպի մէջ խաղաղ գօտիներու ստեղծման իր առաջարկած ծրագիրը:

«Սուրիա» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, տը Միսթուրա ըսած է, որ իր առաջարկը կ՛առնչուի կառավարական զօրքերու եւ զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն միջեւ տեղական զինադադարի մը, որ պիտի արտօնէ «սառեցնել տագնապը» եւ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Հալէպի բնակչութեան:
Դիւանագէտը այս նախաձեռնութեան մասին Հոկտեմբեր 30ին արտայայտուած էր ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին:

comments