Պաղտատիի սպանութեան մասին լուրը չէ հաստատուած

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

ՊԱՂՏԱՏ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն ռազմական օդանաւերը անցած շաբաթավերջին հարուածած են Մուսուլի մօտ գտնուող ժողովատեղի մը, ուր ժողով կը գումարէին «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան ղեկավարները:


Ամերիկեան բանակը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ չի կրնար հաստատել տարաձայնուած այն տեղեկութիւնը, թէ կազմակերպութեան ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի այդ ժողովին մասնակից էր՝ աւելցնելով, որ օդային այդ հարուածներուն պատճառով, խմբաւորման ռազմական փոխադրակառքերը քանդուած են:

Ապահովական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ այդ հարուածներուն պատճառով «Իսլամական պետութեան» շարք մը ղեկավարներ սպաննուած ու վիրաւորուած են:
Ըստ Իրաքի Անպար նահանգի խորհուրդի նախագահ Սապահ Քարհութի՝ սպաննուած են երկու ղեկավար դէմքեր, սակայն Պաղտատի անոնց շարքին չէ: Իսկ բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը հաղորդած էր, որ Պաղտատի ծանր վիրաւոր է: Միջազգային լրատու գործակալութիւններ աւելի ուշ հաստատեցին Պաղտատիի վիրաւորուելու լուրը:

Երկուշաբթի օր, Իրաքի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ վիրաւորուած է Ապու Պաքր Պաղտատին ու սպաննուած են շարք մը ղեկավարներ:
Միւս կողմէ, քիւրտ զինեալները Քոպանիի մէջ երեք նոր թաղամասեր ազատագրած են, մինչ քաղաքի հարաւային կողմը տակաւին տեղի կ՛ունենան բախումներ, որոնց պատճառով իսլամ ծայրայեղական 12 զինեալներ սպաննուած են:

Նշենք, որ Քոպանիէն արձակուած շարք մը ռումբեր Կիրակի օր ինկած են Թուրքիոյ հողամասերուն վրայ:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ ներկայ հանգրուանին ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ «Իսլամական պետութիւն»ը զսպելու ջանքերուն վրայ։ «Սուրիոյ մէջ կ՛ուզենք տեսնել քաղաքական լուծում մը, սակայն այդ մէկը հեռաւոր հարց մըն է։ Այս հարցը չենք կրնար ռազմական ճանապարհով լուծել», աւելցուց ան:

Նաեւ, լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ բանակը Կիրակի օր Սուրիոյ սահմանակից Արսալի մէջ ձերբակալած է Խալետ Հայտար Հուճէյրին, որ կը փորձէր մուտք գործել Լիբանան՝ ընկերակցութեամբ սուրիացի քաղաքացի Ապտալլա Հիւսէյն Ռիֆայիի: Ըստ բանակին՝ Հուճէյրի կը փորձէր Ռիֆային փախցնել դէպի Արսալի բարձունքները: Ռիֆայիէն գրաւուած է լիբանանեան կեղծուած անձնաթուղթ մը:

Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ Ռիֆայի խոստովանած է, թէ ինք անդամ է սուրիական զինեալ կազմաւորումի մը: Կը հաղորդուի, որ Ռիֆայի «Սուրիական ազատ բանակ»ի հրամանատարներէն է։


comments

Advertisement