Պերլինի պատի քանդումին 25ամեակը կը նշուի

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

 

ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած են եռօրեայ տօնակատարութիւններ՝ Պերլինի պատի քանդումին 25ամեակին առիթով: Երկիրի ամբողջ տարածքին կազմակերպուած են տարբեր ձեռնարկներ՝ ցուցադրութիւններ, շարժապատկերի փառատօներ, քաղաքական կլոր սեղան–քննարկումներ եւ վեհաժողովներ:


Նշենք, որ Նոյեմբեր 9, 1989ին ժողովրդական զանգուածային ցոյցերէ ետք վերացաւ Արեւմտեան ու Արեւելեան Պերլինի միջեւ հաղորդակցութիւններուն վրայ դրուած տասնամեակներու արգելքը:


comments

Advertisement