Հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան ընդհանուր շրջագիծը գծելու առիթ գոյութիւն ունի. Զարիֆ

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

ՄԱՍՔԱԹ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները Կիրակի, Նոյեմբեր 9ին, Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններ վարեցին: Իրանեան աղբիւր մը յայտնեց, որ եռակողմանի հանդիպումէն առաջ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարին միջեւ երկկողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցած է:


Զարիֆ այս թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան գոյացման արգելքը նկատեց քաղաքական կեցուածքները՝ աւելցնելով, որ այժմ համաձայնութեան ընդհանուր շրջագիծը գծելու առիթ գոյութիւն ունի, իսկ Արեւմուտքը պէտք է գիտակցի, որ պատժամիջոցները խնդիրին մէկ մասն են:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի յայտնեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջխաղացք արձանագրուած է: Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի իր կարգին նշեց, որ եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա թերացող կողմը Ուաշինկթընն է:

Աւելի ուշ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, թէ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց մէջ երկու կողմերուն միջեւ վիհը տակաւին մեծ է:

Միւս կողմէ, Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսէֆ պըն Ալուի յայտնեց, թէ Իրանի հետ Ծոցի երկիրներուն ունեցած խնդիրներուն մեծամասնութիւնը շրջանային հարցերուն մէջ տարակարծութիւններ են՝ աւելցնելով, որ Իրանի նման երկիրի մը նկատմամբ թշնամանքը Ծոցի արաբներու շահերէն չի բխիր եւ ներկայ իրադարձութեանց լոյսին տակ՝ հսկայական վնասներ կը պատճառէ:

Ան նշեց, որ Օման Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ մերձեցում կատարելու դերակատարութիւն ստանձնած է, եւ առնչակից երկու կողմերը կ՛ողջունեն այդ դերակատարութիւնը:

 


comments

Advertisement