Թուրք երեսփոխանը բացատրութիւն կը պահանջէ

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

 

ՊՈԼԻՍ.- «Հայ Թերթ»ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Ալի Իհսան Քէօքթուրք վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուէն բացատրութիւն պահանջած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտող 8 հատորնոց աշխատութեան անհետացման առնչութեամբ:


Թուրքիոյ խորհրդարանի ղեկավարութեան յանձնուած գրաւոր հարցապնդումին մէջ երեսփոխանը յիշեցուցած է, թէ Ապրիլ 24, 2015ին պիտի նշուի «հայկական պնդումներուն 100ամեակը», որուն աշխուժօրէն կը պատրաստուին Հայաստանն ու Հայկական Սփիւռքը:


Քէօքթուրք յիշեցուցած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրած է Հայաստան, եւ որ յառաջիկային «դժուար օրեր կը սպասեն» Թուրքիոյ:

«Հակառակ այս դժուարին ժամանակաշրջանին, զինուորական դատախազութեան կայքէն վերացուած է հայկական պնդումներուն պատասխանելու նպատակով պատրաստուած «Հայերու Գործողութիւնները՝ 1914-1918ին» կոչուող 8 հատորնոց աշխատութիւնը», գրած է ան:

Երեսփոխանը նաեւ հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր զայն կայքէն հանել, ի՞նչ նշանակութիւն ունի այդ քայլը եւ արդեօք կառավարութիւնը այդպիսի խորհուրդ տուա՞ծ է դատախազութեան:

Քէօքթուրք նաեւ հետաքրքրուած է անով, թէ ի՞նչ ընելու կը պատրաստուի թրքական կառավարութիւնը՝ ի պատասխան Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքին կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերուն:

 


comments