Թուրք զօրավարը այցելած է Հայ-Ատրպէյճանական շփման գիծ

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

 

ՊԱՔՈՒ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Ատրպէյճան գտնուող թրքական պատուիրակութիւն մը՝ Թուրքիոյ զինուած ուժերու սպայակոյտի յատուկ ուժերու հրամանատար, զօրավար Զեքայի Աքսաքալըի գլխաւորութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 9ին այցելած է ատրպէյճանական բանակի «ճակատամերձ գօտի»ին վրայ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը. այս մասին հաղորդեց ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը:


Աքսաքալըն ատրպէյճանցի զինուորներուն յաջողութիւն մաղթած է «հայրենիքի պաշտպանութեան եւ գրաւուած տարածքներու ազատագրման գործին մէջ»՝ յայտարարելով. «Ես տեսայ, որ ատրպէյճանցի զինուորը, անոր նիւթական եւ թեքնիք ապահովուածութիւնը բարձր մակարդակի վրայ են: Ատիկա ինծի շատ կ՛ուրախացնէ: Թուրքիա միշտ Ատրպէյճանի կողքին է: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորները անյաղթ են: Յոյսով եմ եւ կը հաւատամ, որ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ ապագային»:


comments