«Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածները կը պատկանին Հայ ժողովուրդին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սիսի կաթողիկոսարանի նստավայրը եւ կալուածները հայ ժողովուրդին կը պատկանին եւ պէտք է վերադարձուին: 10 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս։


«Այս ուղղութեամբ մենք հետեւողական աշխատանքներու ձեռնարկած ենք նախորդ քանի մը տարիներուն ընթացքին: Պէտք է յիշեցնենք, որ իրաւական դաշտը այնքան ալ դիւրին չէ, այնքան ալ նպաստաւոր չէ մեր ժողովուրդին համար, սակայն պէտք է հաւաքական ճիգ գործադրել այս ուղղութեամբ: Բոլոր գործընթացները պիտի ճշդենք, որպէսզի մեր եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածները վերադարձնենք մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցւոյ: Նախորդ տարի երկու վեհափառները միացեալ յայտարարութիւն կատարեցին. մենք կը պահանջենք մեր հազարաւոր եկեղեցիները, մեր մենաստանները, վանքերը», ըսաւ կաթողիկոսը:

comments

Advertisement