Ազրպէյճանցիները խոցած են ուսումնավարժական թռիչք կատարող Հայկական ուղղաթիռը

By armenia.com.au | Thursday, 13 November 2014

 

«Հայերն Այսօր».- Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբերին ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին մէջ ժամը 13.45-ի սահմաններուն ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ատրպէյճանական Զու-ի կողմէ հրադադարի կարգի խախտման արդիւնքով խոցուած է ԼՂՀ ՌՕՈւ ՄԻ-24 ուղղաթիռը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Խոցման վայրը շփման գիծին չափազանց մօտ է: Հակառակորդը կը շարունակէ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ ուժգին կրակ բանալ դէպքի վայրի ուղղութեամբ:

«Արմէնփրես» կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը կոչ ուղղած է չտարուելու ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեամբ ու չտարածելու Ազրպէյճանի կողմէ կործանուած հայկական ուղղաթիռի կեղծ լուսանկարը, որ խորքին մէջ վարչապետի մամուլի քարտուղարին նշումով ուքրանական պատերազմէն առնուած լուսանկար է։


comments