Լաւաշը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ

By Asbarez | Monday, 01 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».– Հայկական լաւաշը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին վրայ:


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 26 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին պայմանադրութեան միջկառավարական կոմիտէի 9րդ նիստին որոշում տրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին վրայ ներառել Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանում» դիմումը:

«Հայկական աւանդական հացը՝ լաւաշը, հայկական խոհանոցի անբաժանելի մասն է: Անոր պատրաստութիւնը կը պահանջէ մեծ ջանքեր, համապատասխան գործողութիւններ ու յատուկ հմտութիւններ, կ՛ամրապնդէ ընտանեկան կապերը, համայնքային եւ ընկերային յարաբերութիւնները: Լաւաշ պատրաստելու համար կիները կը համախմբուին, տղամարդիկ եւս կը մասնակցին այդ գործընթացին՝ ստեղծելով պայմաններ ու գործիքներ լաւաշը պատրաստելու համար: Լաւաշով սովորաբար կը փաթթեն տեղական տիպի պանիրը, բանջարեղէնն ու միսը: Ըստ աւանդութեան՝ լաւաշը հարսանիքի ժամանակ կը նետեն նորապսակներու ուսերուն, որպէսզի անոնք բարեկեցիկ կեանք ունենան», նշուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի հաղորդագրութեան մէջ:

2013ին ներկայացուած դիմումը անցած է պայմանադրութեամբ սահմանուած ընթացակարգային հանգրուաններէ՝ ստանալով փորձագիտական դրական եզրակացութիւն:

Այսպիսով, ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկը կը համալրուի հայկական մէկ այլ՝ չորրորդ մշակութային արժէքով:

Դիմումը պատրաստուած եւ ներկայացուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հաստատութեան, մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕի ազգային յանձնաժողովին կողմէ:

 


comments

Advertisement