Պահչելի Տերսիմէն ասպարէզ կը կարդայ վարչապետ Տաւութօղլուին

By Asbarez | Monday, 01 December 2014

 

 


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կուսակցապետ Տեւլեթ Պահչելի անցած շաբաթավերջին Տերսիմ (Թունչելի) այցելեց՝ այդ քայլով պատասխանած ըլլալով վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի մարտահրաւէրին։ Վարչապետը անցեալ շաբաթ ըսած էր. «Եթէ քաջ ես, գնա ու այս բաները Թունճելիի մէջ ըսէ»։ Պահչելի Տերսիմի մէջ կրկնեց իր տեսակէտները, բայց ստիպուեցաւ ջնջելու իր կարգ մը այցելութիւնները, որովհետեւ հոն ցոյցեր կատարուեցան իրեն դէմ։
Տերսիմցիներն ու քիւրտերը կը պնդեն, թէ պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ 1937-38ի ջարդերուն համար, իսկ Պահչելի նեցուկ կը կանգնի պետութեան այն պնդումին, թէ Տերսիմի դէպքերը պատահած էին քիւրտերու ապստամբութեան հետեւանքով։ Պահչելի կրկնեց այս մէկը՝ Աթաթիւրքի յուշարձանին շուրջ հաւաքուած համակիրներու բազմութեան առջեւ, մինչ հակառակորդները իր դէմ ցոյցեր կը կատարէին։

«Վարչապետը, որ վարձկան վարչապետ մըն է, անցեալ օր քաջութիւնս հարցականի տակ առաւ։ Ահաւասիկ թուրք ժողովուրդի զաւակներուն հետ եմ։ Ձեր եւ մեր միջեւ թշնամութեան վարագոյր հիւսել ուզողները յուսախաբ եղան։ Հիմա վարչապետը ամօթով մնաց. ասկէ ետք այս անձը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ շարունակել վարչապետի իր պաշտօնը», ըսաւ Պահչելի՝ ասպարէզ կարդալով վարչապետին եւ աւելցնելով, որ պետութիւնը «չի քծնիր, ծունկի չի գար, ձեռք կամ փէշ չի համբուրեր»։

Լրատու գործակալութիւնները դիտել կու տան, որ Պահչելիի այցելութեան դէմ որպէս բողոք, մեծ թիւով խանութպաններ չէին բացած իրենց խանութները։
Անցեալ շաբաթ Տերսիմի մէջ բողոքի ցոյցերով դիմաւորուած Տաւութօղլու, անդրադառնալով Պահչելիի այցելութեան՝ ըսաւ. «Երանի՜ թէ Թունճելի բնիկ ժողովուրդին հետ ալ ողջագուրուէր»։ Իսկ Պահչելի պատասխանեց. «Աթաթիւրքի յուշարձանին առջեւ հաւաքուածները մեր ժողովուրդը չե՞ն»։

Իր կարգին, քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ քննադատեց այցը՝ յայտնելով. «Ասիկա քաղաքական այցելութեան մը սահմանէն անդին անցած է, որովհետեւ Պահչելի անտեսած է այն ցաւը, զոր Տերսիմի ժողովուրդը ապրած է»։

 


comments