Պապը կը խոստանայ աջակցիլ միջին արեւելքի Քրիստոնեաներուն

By Asbarez | Monday, 01 December 2014

ՊՈԼԻՍ.- «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ անցնող շաբաթավերջին Պոլիս այցելած Ֆրանսիս պապը եւ Կոստանդնուպոլսոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Բարթողիմէոսը խոստացած են աջակցիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն: Պապը նշած է. «Չենք պատկերացներ Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնեաներու, որոնք հոն 2000 տարի փառաբանած են Յիսուսը»:


Նախապէս պապը Նիճերիոյ մզկիթներէն մէկուն վրայ յարձակումը անուանած էր «յանցագործութիւն Աստուծոյ դէմ»: Նոյեմբեր 28ին տեղի ունեցած նշեալ յարձակումին պատճառով արձանագրուած էր մօտաւորապէս 120 զոհ:

Պապը հանդիպում մը ունեցած է նաեւ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, Անգարայի նորակառոյց նախագահական պալատին մէջ։ «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ պապը Անգարայի մէջ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, կոչ ուղղած է յարգանք ցուցաբերելու մարդկային կեանքի, արժանապատուութեան եւ կրօնական ազատութեան նկատմամբ: «Մոլեռանդութիւնն ու արմատականութիւնը, ինչպէս նաեւ անխոհեմ մտավախութիւնները, որոնք կը նպաստեն թիւրըմբռնման եւ խտրականութեան, պէտք է հակադրուին բոլոր հաւատացեալներու միասնութեամբ», ըսած է ան՝ աւելցնելով. «Ահաբեկչական բռնութիւնը մեղմացման որեւէ հեռանկար ցոյց չի տար Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ուր կը շարունակուին քրիստոնեաներու եւ եզիտի փոքրամասնութեանց հալածանքները: Հարիւր հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուներն ու երկիրը՝ ապրելու եւ իրենց կրօնական հաւատքին հաւատարիմ մնալու համար»: Պապը յայտնած է նաեւ, որ կարելի չէ աչք գոցել ի տես այն սպանդներուն, որոնք կը կատարուին Միջին Արեւելքի մէջ։

Պապը միաժամանակ ընդգծած է, որ Թուրքիան մեծ պատասխանատուութիւն ունի իր պատմութեան եւ աշխարհագրական դիրքին պատճառով եւ կրնայ օգնել՝ միաւորելու տարբեր համայնքներ, եւ ճամբայ բանալ խաղաղութեան համար: Ան դիտել տուած է, որ Թուրքիա շատ առատաձեռն գտնուեցաւ Սուրիացի գաղթականները ընդունելով։
Իր կարգին, Էրտողան առիթը շահագործած է քննադատելու համար «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարող միջազգային դաշինքը՝ պնդելով, որ «ոչ ոք կը խօսի 300 հազար հոգի սպաննած Սուրիոյ վարչակարգին մասին»։

 

comments