Պոլիվիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը ընդունեց

By Asbarez | Monday, 01 December 2014

 

ԼԱ ՓԱԶ.- Պոլիվիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, յանցագործութիւնը դատապարտող եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւ մը:


Ծերակոյտի նախագահ Սոնիա Կուարտիա Մելկար «Փրենսա Արմէնիա» հայկական լրատուամիջոցին ըսած է, որ միաձայնութեամբ հրապարակուած բանաձեւը ընդունուած է ինչպէս Ներկայացուցիչներու տան, նոյնպէս ալ Ծերակոյտին կողմէ՝ նախապէս արժանանալով արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութեան:
«Մենք մեր անվերապահ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն, որովհետեւ մեր պետական սահմանադրութիւնը՝ օրէնքներուն օրէնքը կը մերժէ խտրականութիւնը, մարդու իրաւունքներու խախտումը եւ ցեղասպանութիւնները», յայտնած է Մելկար, աւելցնելով, որ իրենք նկատի ունին 1915-1923 թուականներուն հայերուն դէմ թրքական պետութեան գործած յանցանքը:

Բանաձեւին ամբողջական յօդուածը հետեւեալն է. «Պոլիվիոյ Օրէնսդիր ժողովը կը կիսէ եւ կը զօրակցի հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին՝ յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հաստատման: Ան կը յայտարարէ իր զօրեղ յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքներու ու արդարութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ եւ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ու կրած տառապանքներուն ժխտման քաղաքանութիւնը»:

Յիշեցնենք, որ լատինամերիկեան այս երկրէն զատ այդ ցամաքամասին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս դատապարտած են նաեւ Ուրուկուէյը եւ Արժանթինը: Ուրուկուէյը եղած է առաջին պետութիւնը, որ նման փաստաթուղթ ընդունած է:

 


comments

Advertisement