Ալիեւ եւ Էրտողան քննած են Արցախի հարցը

By Asbarez | Monday, 01 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, երախտագիտութիւն յայտնելով Ատրպէյճանին՝ Թուրքիոյ մէջ կայանալիք Քսանի խմբակի գագաթնաժողովին Ատպէյճանը եւս հրաւիրելուն համար: Ալիեւ արդէն իսկ ընդունած է Էրտողանի հրաւէրը:


Զրոյցին ընթացքին, երկու երկիրներու ղեկավարները քննած են երկկողմանի կապերուն առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ խօսած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կարելիութեանց մասին՝ յոյս յայտնելով, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «եղբայրական յարաբերութիւնները յաջողութեամբ զարգանան բոլոր ոլորտներուն մէջ»:


comments