Ֆրանսիս Պապ փափաք յայտնած է, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը բացուի

By Asbarez | Monday, 01 December 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին, «Հիւրրիյէթ» թերթը գրած է, որ Թուրքիայէն Իտալիա վերադարձի ճամբուն վրայ, լրագրողներ հարցումներ ուղղած են Ֆրանսիս պապին։ Լրագրող մը հարցուցած է. «Թուրքիա ձեր այցելութեան տեւողութեան, հայերու մասին որեւէ բան չըսիք։ Ինչո՞ւ արդեօք»։
Պապը այս հարցումին որպէս պատասխան յիշեցուցած է, որ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, երբ վարչապետ էր, հայերուն ուղղուած ցաւակցական նամակ մը գրած էր։ «Ոմանք այդ նամակին պարունակութիւնը շատ անբաւարար գտան։ Իմ համոզումս այն է, որ իր այդ շարժուձեւը ձեռք երկարելու նշան մըն էր։ Ասիկա միշտ դրական բան մըն է։ Իմ բուռն ցանկութիւնն է Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացումը։ Երանի՜, թէ այդ սահմանը բացուի։ Այն ատեն այնքա՜ն լաւ բաներ կը պատահին». ըսած է պապը։


Նշենք, որ իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, պապը այցելեց նաեւ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց ու աղօթեց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի սնարին վերեւը։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 29ին, ներկայութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի։ Յիշեցնենք, որ Մեսրոպ պատրիարք 2008էն ի վեր անկար վիճակի մէջ կը գտնուի:

Սրբազան քահանայապետը աղօթած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ մատրան մէջ, վասն խաղաղութեան համայն աշխարհի։

 


comments

Advertisement