Ռուսիա կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ աջակցիլ Սուրիոյ. Մուալլեմ

By Asbarez | Wednesday, 03 December 2014

ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ «Իխպարիյա Սուրիյա»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումը «դրական ու շինիչ էր»։

«Ռուսիա սուրիական ճգնաժամին լուծում գտնելու ուղղուած որեւէ ջանքի կը զօրակցի. անցեալին այդպէս էր եւ ներկայիս ալ կը շարունակէ Սուրիոյ նկատմամբ իր աջակցութիւնը», ըսաւ ան:

Մուալլեմ նշեց, որ «Ռուսիա կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ աջակցիլ սուրիական ղեկավարութեան»՝ աւելցնելով. «Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները ռազմավարական դաշինքի յարաբերութիւններ են: Ռուսիա Սուրիոյ հետ զէնքի մատակարարման համաձայնագրութեանց գործադրութեան յանձնառու կը մնայ», ըսաւ Մուալլեմ:

comments