ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկէն Լաւաշը դուրս հանելու Ատրպէյճանական փորձերը ձախողեցան

By Asbarez | Tuesday, 02 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– Հայաստանի ազգագրագէտները անդրադարձած են ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ լաւաշը մարդկութեան ոչ նիւթական ժառանգութիւն նկատուելու հանգամանքին եւ Ատրպէյճանի փորձին՝ զայն տուեալ ցանկէն հանելու՝ հաստատելով, որ ան յաջողութեան չէ հասած, բայց եւ այնպէս հոս պիտի չաւարտի պայքարը, ուստի պէտք է պատրաստ ըլլալ նոր փորձերու դիմակայելու։


Նշենք, որ Նոյեմբերի աւարտին ԵՈՒՆԵՍՔՕն յայտարարած էր հայկական լաւաշը մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ընդգրկելու մասին, անկէ ետք Ատրպէյճան բազմաթիւ խողովակներ օգտագործած էր որոշումը վերատեսութեան ենթարկել տալու համար, նոյնիսկ լրատուամիջոցներով յայտարարած է, որ անիկա ցանկին մէջ ներառուած չէ:

«Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանում» դիմումը, զոր Հայաստան միջազգային կառոյցին ներկայացուցած էր 2013 թուականին, անցած էր բոլոր հանգրուանները եւ արժանացած դատական կազմին համաձայնութեան։

«Լաւաշը մեր մշակութային տարրն է, մենք մեր մշակոյթին ենք տէր կանգնում», 2 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատած է ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սուրէն Հոբոսեանը՝ յորդորելով լաւապէս պատրաստուիլ դրացի Ատրպէյճանին «կազմակերպուած ու դաժան» պայքարին:

Ազգագրագէտին համաձայն՝ թէեւ Հայաստանի դրացի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ լաւաշի նման հաց կայ, ու նման հաց կը թխուի նաեւ արաբական երկիրներուն, նոյնիսկ Հնդկաստանի մէջ, սակայն հայկական «լաւաշն իր ձեւով բացարձակ ունիկալ է»:

«Վրացացած, թուրքացած, պարս-կացած հայերն են, գուցէ, լաւաշը տարել մեր հարեւան ազգերի մշակոյթ», ըսած է Հոբոսեան՝ աւելցնելով, որ լաւաշի հայկականութիւնը կ՛ապացուցուի մեծ տարածուածութեամբ ու բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ թոնիրի առկայութեամբ:

«Առանց թոնրի Հայաստանում տուն չկար: Թոնիր միայն հայերն ունեն ու իջեցրել են յատակից ներքեւ՝ 1-1.5 մեթր խորութեամբ, քանի որ վառելիքը շատ չի եղել: Իսկ, օրինակ, վրացիներինը գետնից աւելի բարձր է, քանի որ նրանք աւելի շատ վառելիք ունեն», նշած է ազգագրագէտը:

Հոբոսեան ցաւալի նկատած է այն, որ այսօր լաւաշը Հայաստանի մէջ կը կորսնցնէ իր ժողովրդականութիւնը. «Մենք մեր երկրում ենք տանուլ տալիս: Մենք աշխարհին ապացուցում ենք, որ լաւաշը մերն է, բայց աշխարհին դա հետաքրքիր չէ, մենք պիտի մեր երկրում այն օգտագործենք, սակայն անգամ դրսում վաճառուող արագ սնունդը դրսից է ներմուծուած՝ շաուրմա, խաչապուրի եւ այլն»:

Հայկական աւանդական խոհանոցի ջատագով, հաղորդավարուհի Սոնիա Թաշճեանի կարծիքով՝ պէտք է ըստ արժանւոյն տէր կանգնիլ հայկական արժէքներուն, լաւապէս ներկայացնել զանոնք ու անոնց կրողը ըլլալ։

«Մենք հարիւրաւոր տարիներ օգտագործուող բաղադրատոմսեր ենք ունեցել լաւաշի կիրառմամբ, որ այսօր չենք պատրաստում: Վանի հիւրանոցներից մէկում սեղանին մոթալ պանիր կար, որ մենք մեր ռեստորաններից որեւէ մէկում հիւրերին չենք ներկայացնում», լրագրողներուն ըսած է Թաշճեան:

 


comments

Advertisement