By Asbarez | Tuesday, 02 December 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ռուսական «Ռոսիա 24» կայանին հետ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հարցազրոյցին ընթացքին խօսուած է նաեւ Արցախի հակամարտութեան մասին եւ Ալիեւ պնդած է, թէ Հայաստան խաղաղութիւն չի փափաքիր:
«Դժբախտաբար, բանակցային գործընթացին մէջ յաջողութեանց մասին չենք կրնար խօսիլ եւ անոր պատճառը շատ պարզ է: Մեր մօտ այն տպաւորութիւնը կայ, որ Հայաստան խաղաղութեան հասնիլ չի փափաքիր, չ՛ուզեր կարգաւորել այս հարցը ու կը փափաքի ամէն ինչ ձգել ինչպէս որ է, պահպանել ներկայ իրավիճակը: Իսկ ներկայ իրավիճակի փոփոխութիւնը կը նշանակէ ատրպէյճանական հողերու ազատագրում, ինչ որ հակամարտութեան կարգաւորման գլխաւոր պայմանն է», ըսած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ