Պոլիվիոյ պիտի յաջորդեն այլ երկիրներ. Աղուան Վարդանեան

By Asbarez | Wednesday, 03 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան վստահ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամ- եակին նախաշեմին մեծ թուով երկիրներ պիտի ճանչնան 20րդ դարու առաջին մեծ ոճիրը:


Աղուան Վարդանեան նշած է, որ վերջերս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Պոլիվիոյ առած քայլը յոյս կը ներշնչէ, որ 100ամ- եակի նախաշեմին այլ երկիրներ եւս նոյն արարքին դիմեն: «Հարաւային Ամերիկայում տարիներ շարունակ մեծ աշխատանք է տարուել այս ուղղութեամբ: Դուք գիտէք, որ առաջինը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչել է Ուրուգուայը, այնուհետեւ Արգենտինան: Հայ Դատի գրասենեակներն այնտեղ ակտիւ աշխատում են: Բայց Բոլիվիայի ճանաչումը պէտք է կարեւորել եւս մէկ առումով, որ բաւական երկար ժամանակ մենք բաց ունէինք, հայ-թուրքական արձանագրութիւնների ֆոնի վրայ շատ երկրներ այնպիսի տպաւորութիւն ունէին, որ երկխօսութիւն կայ ու ձեռնպահ էին մնում Ցեղասպանութիւնը ճանաչելուց: Բայց կարծես իրավիճակը յաղթահարւում է եւ 100րդ տարելիցի նախաշեմին շատ կարեւոր է, որ եւս մէկ երկիր իր երկու պալատներով ճանաչել է Ցեղասպանութիւնը», դիտել տուած է Աղուան Վարդանեան:


comments

Advertisement