By Asbarez | Thursday, 04 December 2014
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուր-քիոյ վարչապետի աւագ խորհրդատու Էթիէն Մահչուպեան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3ին մասնակցեցաւ «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռումով յայտագիրի մը ու պատասխանեց շարք մը հարցումներու։
Քրտական հարցին առնչութեամբ, Մահչուպեան ըսաւ, որ երկու կողմերն ալ՝ իշխանութիւններն ու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը, հարցեր ստեղծած են՝ դժուարացնելով գործընթացի սահուն յառաջխաղացքը։
Ըստ Մահչուպեանի՝ բանտարկուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան այն բացառիկ անձերէն մէկն է, որուն նկատմամբ հասարակութեան ընկալումը այսքան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ փոխուեցաւ։ «Տասը տարի առաջ ինչեր կ՛ըսուէին անոր համար, իսկ հիմա ինչեր կ՛ըսուին։ Չեմ կարծեր, որ Օճալան իր անձին վերաբերեալ մտահոգութիւններ ունենայ։ Գաղափարական տեսակէտէ՝ ան իսկապէս տիպար առաջնորդ է։ Ան կրցաւ լայնածաւալ աշխարհագրութեան վրայ բարձր վարկ մը ստեղծել իր անուան շուրջ։ Ան այլեւս կորսնցնելիք բան մը չունի», դիտել տուաւ վարչապետի աւագ խորհրդատուն։
Մահչուպեան նշեց, որ պէտք չէ անտեսել այն իրողութիւնը, թէ Օճալան համաշխարհային տարողութեամբ կարեւոր հարցի մը կրողն է՝ առաջնորդը, եւ եթէ յաջողի լուծում մը գտնել, ապա անոր անունը պատմութեան էջէրը պիտի անցնի։
«Գաղտնիք չէ, որ Գանտիլի լեռներուն (հիւսիսային Իրաք) վրայ կան այնպիսի մարտիկներ, որոնք ռազմական պայքարով անցուցած են իրենց կեանքի 20 առ հարիւրը։ Հոն տարբեր մթնոլորտ ու կեանք կայ, եւ այդ կեանքը տարածաշրջան պիտի վերադառնայ։ Այդ ռազմիկները ընտրութիւններու պիտի մասնակցին եւ պիտի ուզեն աւելի մեծ թիւով երեսփոխաններ ու քաղաքապետներ ունենալ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավար կուսակցութենէն աւելի մեծ պահանջներ ունի», ըսաւ Մահչուպեան եւ աւելցուց, որ լրջութեամբ չի խօսուիր այն մասին, թէ քրտական աշխարհէն ներս ինչե՜ր տեղի կ՛ունենան։
«Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը իշխանութեան համակարգ մը ունի։ Եթէ հաշտութիւն գոյանայ, այդ իշխանութիւնը պիտի շարունակուի՞։ Բնականոն կեանքի վերադարձը կը նշանակէ փուչիկի մը անակնկալ նուաղումը, ու կրնան անձկութիւններ մէջտեղ ելլել։ Կարգավիճակի յստակացումէն անմիջապէս ետք, քիւրտ ժողովուրդը ինքն իրեն դէմ յանդիման պիտի գայ», եզրակացուց Էթիէն Մահչուպեան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ