By Asbarez | Thursday, 04 December 2014
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ֆրանսական «Փարի Մա»չ թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Կարելի չէ ահաբեկչութեան վերջ տալ օդային հարուածներով։ Գետնի վրայ որեւէ արդիւնք չի կրնար արձանագրուիլ, եթէ չըլլան շրջաններու աշխարհագրական մանրամասնութեանց քաջածանօթ ցամաքային ուժեր, որոնք օդանաւերուն հետ պիտի համակարգեն այդ գործողութիւնները»:
Ան աւելցուցած է. «Այն պնդումը, որ դաշինքին հարուածները սուրիական ուժերուն կը նպաստեն, ճիշդ չէ, եւ եթէ ազդու ըլլային, ապա անոնցմէ շահ պիտի ապահովուէր մինչեւ հիմա, սակայն որեւէ փոփոխութիւն տեղի չունեցաւ, մանաւանդ՝ որովհետեւ Թուրքիա կը շարունակէ ուղղակի կերպով «Իսլամական պետութեան» աջակցիլ»:
Ասատ ըսած է, որ նախագահ մնալը իրեն համար նպատակ մը չէ եղած, «սակայն սուրիացիները չեն ընդունիր, որ Սուրիան Արեւմուտքին ձեռքը խաղալիք պետութիւն մը ըլլայ, եւ այդ մէկը իրենց ամէնէն կարեւոր նպատակներէն եւ սկզբունքներէն մէկն է»:
Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Պրիւքսէլի մէջ յայտնեց, թէ «Թուրքիոյ հետ տակաւին թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հարցը կը քննարկենք եւ փոխադարձ հասկացողութիւն մը չենք գոյացուցած»:
Նաեւ, Հինգշաբթի օր Քոպանի ժամանած է Հիւսիսային Իրաքէն 150 քիւրտ զինեալներու երկրորդ խումբը, աջակցելու համար «Իսլամական պետութեան» դէմ կռուող քաղաքի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն։
Վերջապէս, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը զգուշացուցած է, որ սուրիական ընդդիմութեան ղեկավարութեան Թուրքիոյ կեդրոնատեղին կրնայ յարձակումի մը թիրախը դառնալ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ