Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ

By Asbarez | Thursday, 04 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Աշխատանքային այցելութեամբ Պազըլ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 3 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմզ Ուորլիքի, Փիեռ Անտրէի եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքի հետ։


Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն՝ Նալբանդեան միջնորդներուն ուշադրութեան յանձնած է վերջին շաբաթներուն ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ բարձրագոյն մակարդակով սաստկացած ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, բանակցութիւններու էութիւնն ու բովանդակութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւնները, մարդկային զոհերու պատճառ դարձած՝ Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութեան կոպիտ խախտումները, ուսումնավարժական թռիչք կատարող Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռիջախջախման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակը:

Հանդիպման ընթացքին շարունակուած են քննարկումները՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի առաջ մղման կարելիութիւններուն վերաբերեալ:

Էդուարդ Նալբանդեան վերահաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ եռանախագահներուն հետ միացեալ ջանքերը՝ յօգուտ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:

 


comments