ԱՄՆ ծերակոյտի յանձնաժողովը հաստատած է Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպանին նշանակումը

By Asbarez | Friday, 05 December 2014

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Դեկտեմբեր 4ին հաստատած է Ռիչըրտ Միլզը Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան նշանակելու նախագահ Պարաք Օպամայի որոշումը։ Նշանակումը պէտք է այժմ վաւերացուի Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ։


Միլզ ներկայիս Պէյրութի մօտ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութեան պետի տեղակալն է: Ան նախապէս դիւանագիտական պաշտօններ ստանձնած է Մալթայի, Ֆրանսայի, Իրլանտայի, Անգլիոյ, Իրաքի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի մէջ:


comments