By Asbarez | Friday, 05 December 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռու-սիա պիտի շարունակէ օգնել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, կողմերուն ընդունելի համաձայնութեան մը հասնելու համար՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ. Դեկտեմբեր 5ին, Զուիցերիոյ մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ ամփոփելով ԵԱՀԿի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին արդիւնքները:
«Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը վաղեմի ու բարդ գործընթաց է», ըսած է նախարարը եւ նշած, որ Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկա կը ջանան ընդհանուր յայտարարի բերել այդ հիմնախնդիրին նկատմամբ մօտեցումները, որպէսզի կարելի ըլլայ համաձայնութեան գալ «տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու, ուժի չդիմելու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու ամրագրուած սկզբունքներու իրագործման շուրջ»:
Ան նաեւ կոչ ըրած է, որ հակամարտութեան կողմերը ազատ արձակեն բոլոր պատանդները։ Նախարարը յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները 2010ին Աստրախանի մէջ կատարած են հիմնախնդիրին նուիրուած միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները խոստացած են ստեղծել պատանդներու եւ սպաննուածներու փոխանակման համակարգ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ