Ուորլիք դժգոհ է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարները չեն հանդիպած

By Asbarez | Monday, 08 December 2014

 

 


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին «Թուիթըր»ի վրայ գրած է, թէ վշտացած է այն իրողութենէն, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները, որոնք անցեալ շաբաթ մասնակցած էին Զուիցերիոյ մէջ կայացած ԵԱՀԿի Նախարարներու խորհուրդի 21րդ նիստին, մերժած են իրարու հետ հանդիպելու առաջարկները։

Ուորլիք կրկնած է, որ երկխօսութիւնը ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման խաղաղ գործընթացի բաղկացուցիչ մէկ մասն է:

 


comments