Արամ Ա. հանդիպում ունեցաւ ԱՄ Էմիրութեանց նախագահ Շէյխ Մուհամետ Պըն Զայէտի հետ

By Asbarez | Tuesday, 09 December 2014

 

 


Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառը հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահ Շէյխ Մուհամմետ Պըն Զայէտի հետ: Հանդիպման ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաըտ, թեմի ազգայիններէն Արա Խանոյեան եւ Վարուժան Նարկիզեան:

Արամ Ա. կաթողիկոսին ու նախագահին միջեւ տեղի ունեցած մտերմիկ զրոյցին ընթացքին վեհափառը նախ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ հաստատուած հայ համայնքին նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան ու անոր ընծայած լայն դիւրութիւններուն համար: Հայրապետը յիշեց, որ 17 տարիներ առաջ, երբ ինք իր առաջին այցելութիւնն էր տուած Ապու Տապի, հանդիպում ունեցած էր իր հօր՝ Շէյխ Զայէտի հետ եւ այդ առիթով, ընդառաջելով վեհափառի փափաքին, պետութիւնը հայ համայնքին հողաշերտ մը տրամադրած էր եկեղեցւոյ շինութեան համար: Շարունակելով իր խօսքը հայրապետը յիշեց, որ աւելի ուշ իր մեծ եղբայրը, որուն ծանր հիւանդութեան բերումով փաստօրէն երկրին նախագահութիւնը կը վայելէ Շէյխ Մուհամմետը, անհրաժեշտ դիւրութիւնները ընծայած էր եկեղեցւոյ շինութեան համար: Ապա, կաթողիկոսը ուրախութեամբ յայտնեց, որ իր իշխանութեան օրերուն եկեղեցին աւարտած ըլլալով, անոր օծումը պիտի կատարէ յառաջիկայ Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբերին:

Շէյխ Մուհամմետ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս առիթով, ինչպէս նաեւ իր պատրաստակամութիւնը օգտակար ըլլալու հայ համայնքին: Ապա, վեհափառին եւ Շէյխ Մուհամմետին միջեւ խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն, ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան նոր թափ տալու հրամայականին:

 


comments

Advertisement