By Asbarez | Tuesday, 09 December 2014
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի տեղակալը՝ դեսպան Ռամզի Իզզետտին Ռամզի, յայտնեց, որ սուրիական ճգնաժամի լուծումը շրջանին մէջ բազմաթիւ ճգնաժամերու լուծման բանալին կը նկատուի:
«Կռիւները դադրեցնելու Տը Միսթուրայի ծրագիրին մանրամասնութիւնները քանի մը օրէն պիտի ներկայացուին վարչակարգին եւ ընդդիմութեան, իսկ անոր քաղաքական հիմքը պիտի ըլլայ «Ժընեւ 1ի համաձայնութիւնը», ըսաւ Ռամզի: Ան Յայտնեց, որ Ժընեւի հաղորդագրութիւնը միջազգայնօրէն ընդունուած միակ փաստաթուղթն է՝ նշելով, որ Տը Միսթուրայի ծրագիրը գործադրելու ուղղութեամբ աշխատանքը պիտի ըլլայ երկու մակարդակի վրայ. առաջինը՝ Հալէպի մէջ կռիւները սառեցնելու անմիջական հարցերուն կը վերաբերի, իսկ երկրորդը՝ միջին ժամանակով, կապ ունի քաղաքական համաձայնութեան հետ:
Տը Միսթուրայի տեղակալը յայտնեց նաեւ, որ կռիւներու սառեցման նպատակը բնական կեանքի վերադառնալն ու ապա քաղաքական հոլովոյթի անցնիլն է:
«Պատերազմի սառեցումը միայն Հալէպով պիտի չսահմանափակուի, եւ այդ քաղաքը պարզապէս սկիզբը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Սառեցումը Հոմսի մէջ տեղի ունեցած տեղական հաշտեցումներէն տարբեր տարազով մը պիտի կայանայ»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին յղուած նամակներով, ՄԱԿէն պահանջած է պատժամիջոցներ հաստատել Իսրայէլի դէմ՝ այդ երկրի օդուժին կողմէ Դամասկոսի մօտ յարձակումներ կատարելուն համար: Նամակին մէջ նշուած է, որ Իսրայէլ «ահաւոր յանցագործութիւն գործած է Սուրիոյ գերիշխանութեան դէմ»՝ նիւթական վնաս պատճառելով «շարք մը կազմակերպութիւններու»:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է, որ ռմբակոծումները Դամասկոսին պիտի չստիպեն հրաժարիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարէն:
Նաեւ, «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Ուրֆայի նահանգապետը, անդրադառնալով Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ Դեկտեմբեր 9ին տեղի ունեցած երեք թուրք զինուորներու սպանութեան հարցին՝ յայտարարած է, որ սահմանը հսկող թուրք զինուոր մը սպաննած է իր երկու զինակիցները եւ ապա անձնասպան եղած է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ