Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ այս շաբաթուան ընթացքին պիտի այցելէ Նախիջեւան, ուր Հոկտեմբեր 2-3 տեղի պիտի ունենայ թրքախօս երկիրներու ղեկավարներուն հերթական համաժողովը:
<<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանին ատրպեճանական ծառայութեան վկայութեամբ, նախատեսուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպում մը, որուն օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ թէ՛ հայ-թրքական երկխօսութեան եւ թէ ղարաբաղեան բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր:
Կ՛ակնկալուի, որ Կիւլ Իլհամ Ալիեւին տայ երաշխիքներ այն մասին, թէ Երեւանի հետ կապերու հաստատումը որեւէ կերպով վնաս չի հասցներ Թուրքիա-Ատրպէյճան բարեկամական յարաբերութիւններուն: