Անցնող շաբաթավերջին պահանջատիրական արշաւ մը կազմակերպեց ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի Աթէնք կատարած այցելութեան առիթով: ՀՅԴ ՅԵՄի անդամները հազարաւոր թռուցիկներ բաժնեցին Աթէնքի եւ Փիրէայի կեդրոնական վայրերուն մէջ, նոյն պահուն նաեւ համացանցի միջոցաւ ելեկտրոնային արշաւ մը ծաւալելով:
Թռուցիկները բաժնուեցան Աթէնքի Սինտաղմայի, Օմոնիայի, Փանեփիսթիմիօ մեթրոյի կայարաններու եւ այլ կեդրոնական վայրերու մէջ, ինչպէս եւ Փիրէայի մէջ: Թռուցիկը յատկապէս պատրաստուած էր Յունաստանի պոնտական եւ կիպրական երիտասարդականներուն հետ միասնաբար: Երիտասարդականի անդամները հասան մինչեւ նախագահական ապարանք, ուր ընթացքի մէջ էր նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի եւ Թուրքիոյ վարչապետի հանդիպումը, թռուցիկներէն օրինակներ տրամադրելով այնտեղ համախմբուած յոյն եւ օտար մեծ թիւով լրագրողներուն, անոնց բացայայտելով Ցեղասպանութեան իրաւական հիմնունքներն ու Թուրքիոյ շարունակուող մերժողական քաղաքականութիւնը:
Աւելի քան 5000 թռուցիկներ բաժնուեցան շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, իսկ նոյն պահուն համացանցի միջոցաւ ելեկտրոնային արշաւ մը ծաւալեցաւ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» ընդհանուր նշանաբանով, որ 30,000 հոգիի ուշադրութեան արժանացաւ, ըստ համացանցէն փոխանցուած վիճակագրական տուեալներու:
Նշենք, թէ նոյն ծիրէն ներս, պոնտոսցի երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ, ծանուցողական ցուցատախտակներ զետեղուեցան մեթրոյին մէջ, յուշելով Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան թուականը եւ անպատիժ մնացած ոճիրը: