By Asbarez | Wednesday, 10 December 2014

ՏՈՀԱ, «Ռոյթըրզ».- Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտըլ Լաթիֆ Զայանի, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9ին, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կայացած Ծոցի 35րդ վեհաժողովի աւարտին յայտարարած է, որ վեհաժողովը համաձայնութիւն գոյացուցած է մաքսային միութեան հաստատման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու շուրջ, իսկ միացեալ դրամանիշի որդեգրման աշխատանքները կը շարունակուին:
Խորհուրդը գոհունակութիւն յայտնած է ապահովական գետնի վրայ արձանագրուած ձեռքբերումներուն համար եւ հաստատած, որ խորհուրդի անդամ երկիրները կը կանգնին ահաբեկչական սպառնալիքներուն դէմ: Ան նշեց, որ խորհուրդը շեշտած է Սուրիոյ ճգնաժամին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը՝ «Ժընեւ 1»ի յայտարարութեան հիմամբ։
Քաթարի Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա իշխանը իր կարգին յայտնած է. «Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին կողքին կը կանգնինք, իսկ ահաբեկչութեան կանխարգիլումը զայն դարմանելէն աւելի՛ լաւ է»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ