Սպանիոյ մէջ 35-40 հազար Հայեր կ՛ապրին

By Asbarez | Thursday, 11 December 2014

 

Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթին հետ կայացած հարազրոյցի մը ընթացքին, Սպանիոյ եւ Փորթուկալի հայրապետական պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ Սասուն վրդ. Զմրուխտեան յայտնած է, որ, ըստ Հայաստանի դեսպանատան փոխանցած տեղեկութիւններուն, Սպանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ 35էն 40 հազար հայեր կ՛ապրին:


Ան աւելցուցած է, որ հայերը ընդհանրապէս հաստատուած են Մատրիտի, Պարսելոնայի եւ Վալենսիոյ մէջ: Հայ համայնքներ կան նաեւ ծովափնեայ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս՝ Մալակա, Մարպելլա, Անտալուզիա, Սեւիլլա, Կրանատա եւ այլուր:

Հայաստանէն արտագաղթած հայերուն մեծ մասը բանուորական կամ շինարարական աշխատանքով կը զբաղի: Համայնքը տակաւին եկեղեցի չունի, սակայն ժամանակաւոր ծխական խորհուրդներ կը գործեն մեծ քաղաքներուն մէջ, ուր կը գործեն նաեւ հայկական կիրակնօրեայ վարժարաններ:

Սասուն վրդ. Զմրուխտեան հարցազրոյցի աւարտին իր մտահոգութիւնը յայտնելով՝ կ՛եզրակացնէ. «Արտագաղթի պատճառով մեծաթիւ նոր Սփիւռք մը գոյացած է, որուն նկատմամբ ընդհանուր անտարբերութիւն մը կը տիրէ: Յիշենք՝ Սերպիան, Փորթուկալը, Հոլանտան, ուր հայաստանցիներէ կազմուած Նոր Սփիւռքը ցաք ու ցրիւ կերպով կը յարատեւէ: Պէտք է տէր կանգնիլ անոնց, քանի որ անոնք, ի միջի այլոց, վարժուած չեն համայնքային կեանքին եւ ամէն ոք իր գլխուն ճարին կը նայի»:

 


comments

Advertisement