By Asbarez | Thursday, 11 December 2014
ՊՈԼԻՍ.- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի բանբեր Ժիւլիէթ Թումա թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին յայտնած է, որ տը Միսթուրա Թուրքիոյ մէջ սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներէն ետք, Հալէպի մէջ կռիւներու սառեցման հարցով յուսալից է: «Հանդիպումներ ունեցանք Հալէպի մէջ գործունէութիւն ունեցող զինեալ եւ քաղաքական խմբաւորումներու մեծամասնութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումները շինիչ էին», ըսած է Թումա:
«Զինադադարի մը մասին չենք խօսիր: Մենք զայն կը կոչենք «սառեցում»: Ասիկա ՄԱԿի կողմէ Սուրիոյ մէջ տագնապին առնչակից կողմերուն ներկայացուած առաջարկ մըն է: Մենք խորհրդակցութիւնները կը շարունակենք առնչակից տարբեր կողմերու հետ, քննելու համար Հալէպի մէջ ռազմական գործողութիւնները սառեցնելու ձեւերը», ըսած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ