Ամերիկացիք առանց մուտքի արտօնագիրի Հայաստան կրնան Մտնել

By Asbarez | Thursday, 11 December 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիրներու դիւրացումը առկայ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներու այլ խմբաւորումներու համար՝ ներառելով գործարարներ, զբօսաշրջիկներ, լրա-գրողներ, ուսանողներ եւ գիտնականներ:


«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը:
«Իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների քաղաքացիների համար սահմանել է առանց մուտքի վիզայի այցելութիւնների ռեժիմ, որն ուժի մէջ կը մտնի պաշտօնական հրապարակման յաջորդ օրուանից եւ կը սկսի գործել 2015 թուականի Յունուարի 1ից», յայտնած է Բալայեան:

Աւելի կանուխ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կառավարութեան նիստին յայտարարած էր, որ քաղաքացիներու լայն խմբաւորումներուն համար Միացեալ Նահանգներ պիտի սկսի տրամադրել բազմակի մուտքի արտօնագիր՝ 10 տարուան ժամկէտով: Միացեալ Նահանգներ պիտի սկսի դիւրացուած վարչակարգով մուտքի արտօնագիրներ տալ մօտ օրէն:

Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն համար մուտքի վիզայի պահանջի վերացումը պայմանաւորուած է Հայ-ամերիկեան միջկառավարական նիստին իբրեւ արդիւնք ստորագրուած գործողութիւններու ծրագիրի 28րդ կէտով, որուն համաձայն. «Երկու կողմերը կը վերջնականացնեն վիզայի ազատականացման գործընթացը՝ հաստատելով ազատ վիզայի ռեժիմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների քաղաքացիների համար, ինչպէս նաեւ տասը տարի բազմակի մուտքի վիզա Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների համար»:

 


comments

Advertisement