Սէյրան Օհանեան ընդունած է «Մայքրոսոֆթ»ի անվտանգութեան հարցերու տնօրէնը

By Asbarez | Monday, 15 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 15 Դեկտեմբերին ընդունած է «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հասարակական անվտանգութեան եւ ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան հարցերով տարածաշրջանային տնօրէն Ռոպերթ Քոսլան:


Նախարար Օհանեան նշած է, որ տեղեկատուական անվտանգութեան դիմաց ցցուած ներկայ մարտահրաւէրները կարելի է յաղթահարել միայն միահամուռ ուժերով: Ան կարեւոր նկատած է սայպըր անվտագութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան շրջագիծի ընդարձակումն ու փորձառութեան փոխանակումը, յատկապէս առաջատար ընկերութեան հետ, ինչպէս՝ «Մայքրոսոֆթ»ը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան ծրագիրով առաջարկուող ծառայութիւնները՝ անվտանգութեան ոլորտին մէջ տեղեկատուութեան տրամադրութեան գործընթացները, սայպըր անվտանգութեան բնագաւառին մէջ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան աջակցութեամբ տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուող ծրագիրները:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան ուսումնական կեդրոններուն մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու անձնակազմի վերապատրաստութեան եւ որակաւորման դասընթացքներ կազմակերպելու կարելիութեան։

 


comments

Advertisement