Հայերէնը պաշտօնական լեզու՝ հիւսիսային Իրաքի մէջ

By Asbarez | Monday, 15 December 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար իշխանութեանց ղեկավար Մասուտ Պարզանի ստորագրած է պաշտօնական լեզուի մասին օրինագիծ մը, ըստ որուն՝ թիւրքմէներէնը, ասորերէնն ու հայերէնը, քրտերէնին եւ արաբերէնին կողքին, դարձած են պաշտօնական լեզուներ:

Ըստ «Ներինազատ»ի՝ պաշտօնական լեզուի վերաբերեալ այս օրինագիծը քրտական խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած էր Հոկտեմբեր 29ին, իսկ Նոյեմբեր 20ին ներկայացուած նախագահ Պարզանիին:

Օրինագիծը օրէնքի ուժ պիտի ստանայ, երբ վաւերացուի կառավարութեան կողմէ:

 


comments