ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԱՀՊԱՆԷ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

By Asbarez | Wednesday, 17 December 2014

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ի Պատիւ՝ Երեկոյթ ԱՄ Էմիրութիւններու Մէջ Լիբանանի Դեսպանատան Կողմէ

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ .- Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս, իր խօսքը ուղղելով Ապու Տապիի մէջ հաստատուած լիբանանեան համայնքի աւելի քան 150 ներկայացուցիչներուն՝ կոչ ուղղեց միասնաբար աշխատելու եւ պահպանելու Լիբանանի իւրայատուկ ինքնութիւնը արաբական աշխարհին մէջ:
Հաւաքը կազմակերպուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մեջ Լիբանանեան դեսպանատան կողմէ: Ներկայ էին լիբանանեան համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ տնտեսական ու շինարարական մեծ ծրագիրներ մշակող լիբանանցիներ: Վեհափառին ի պատիւ տրուած այս ընդունելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ, որ ան իր կարգ մը վերլուծումներն ու մտահոգութիւնները փոխանցէ ներկաներուն:


Ընդունելութեան բացման խօսքը կատարեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաըտ: Դեսպանը արաբերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուց վեհափառին կենսագրականը, վեհափառը նկատելով լիբանանեան դատին լաւագոյն դեսպանը արտաքին աշխարհին մէջ: Ապա, խօսք առաւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որուն խօսքը չորս բաժին ունէր:

 


Առաջին բաժինին մէջ, վեհափառը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահ Շէյխ Մուհամմետ Պըն Զայէտին եւ երկրի պատասխանատուներուն՝ լիբանանեան համայնքին ընծայած իրենց լայն դիւրութիւններուն եւ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած իրենց յատուկ հոգածութեան համար:

Երկրորդ բաժինով, վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի իւրայատկութիւններուն, որոնք կը կազմեն Լիբանանի ինքնութիւնը: Այս ծիրէն ներս ան յիշեց համայնքներու գոյակցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ Լիբանանի կամուրջ ըլլալու իրողութիւնը, ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէ ներս կատարած մեծ իրագործումները եւ իր ունեցած լայն սփիւռքը: Յիշեալ երեւոյթներուն գծով կաթողիկոսը կատարեց իր արժեւորումները:
Իր խօսքի երրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ, որոնց նկատմամբ կարելի չէ անտարբեր մնալ: Այս ուղղութեամբ յիշեցում կատարեց, թէ Լիբանան պէտք է վեր մնայ ամէն տեսակ քաղաքական ու գաղափարական ուղղութիւններէ: Ուրիշը յարգելով ու անոր հետ գործակցելով հանդերձ, Լիբանան պէտք է կառչած մնայ իր ինքնութեան ու գերագոյն շահերուն: Ան պէտք է ամրապնդէ իր ներքին միասնականութիւնը՝ պահելով հանդերձ համայնքային տարբերութիւնները: Որպէս չէզոք երկիր, Լիբանան պէտք է ինքզինք հեռու պահէ միջազգային ու շրջանային ազդեցութիւններէ:

Վեհափառը յայտնեց, որ այս բոլորը իրագործելը բնականաբար դիւրին չէ, սակայն հրամայական է ամէն գնով պահել Լիբանանի ինքնութիւնը, ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը:

Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ, կաթողիկոսը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան: Ան ըսաւ, թէ հայը եւ միւս լիբանանցիները կը սիրեն Լիբանանը, սակայն հայը նաեւ երախտապարտ է լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ: Ցեղասպանութենէն ետք, երբ գաղթական հայեր Լիբանան եկան, լիբանանցի ժողովուրդը իր հացը բաժնեց հայութեան հետ: Լիբանան դարձաւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան աղբիւրը եւ այսօր ան կը մնայ Սփիւռքի հայութեան սիրտը:

Վեհափառը ըսաւ, թէ Լիբանան հայութեան ընծայեց վերականգնելու եւ վերակազմակերպուելու կարելիութիւնը, եւ հայ համայնքը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի ծաղկումին ու բարգաւաճումին:

Արամ Ա.ի խօսքը մեծ խանդավառութեամբ ու բարձր գնահատանքով ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնք կը ներկայացնէին Լիբանանի զանազան համայնքներն ու քաղաքական հոսանքները:

 


comments

Advertisement