Ընկերվար Միջազգայնականը 2015ին պիտի անդրադառնայ ցեղասպանութեան 100ամեակին

By ARF Press Office | Tuesday, 16 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- Դեկտեմբեր 12-13ին, ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի (ԸՄ) խորհուրդի նիստը: ՀՅԴի կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը, որ Դեկտեմբեր 11ին մասնակցած էր նաեւ նոյն կազմակերպութեան ելեւմտական եւ վարչական յանձնախումբի եւ նախագահութեան նիստերուն:


Ժողովի բացումը կատարեցին ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնատեղիի գլխաւոր տնօրէն Միքայէլ Մոլըր, ՄԱԿի գաղթականներու բարձր յանձնակատար Անթոնիօ Կութերաս, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու եւ ԸՄ գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան:

Խորհուրդի ժողովի գլխաւոր թեման էր՝ «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն. հակամարտութիւններու կարգաւորում եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար»:

Ժողովի այլ թեմաներն էին՝ «Գաղթականութեան մարդկային երեսը եւ գաղթականներու ճակատագիրը» եւ «Նոր ժողովրդավարութիւններ յառաջացնելու եւ ժողովրդավարական կառավարումը զօրացնելու համար մեր աշխատանքը»:

Ժողովը լսեց նաեւ կազմակերպութեան բարոյականութեան (ethics) յանձնախումբի, ելեւմտական եւ վարչական յանձնախումբի եւ Լատին Ամերիկայի ու Կարիբեանի յանձնախումբի զեկոյցները:

Ժողովի գլխաւոր թեմային առնչութեամբ ելոյթ ունեցողները գլխաւորաբար անդրադարձան Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան եւ Սուրիոյ տագնապին: Խորհուրդը բանաձեւ որդեգրեց՝ կոչ ընելով աշխարհի պետութիւններուն ճանչնալու Պաղեստինի պետութիւնը՝ 1967ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով:

Օրակարգի այդ գլխուն տակ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչը: Ընկերվար միջազգայնականին մէջ դիտորդի կարգավիճակ ունեցող կուսակցութեան ներկայացուցիչին ելոյթը կը կրկնէր Ատրպէյճանի իշխանութեան եւ յատկապէս նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակահայ մոլուցքը:

Ատրպէյճանցիի ելոյթին յաջորդեց ՀՅԴ ներկայացուցիչի ելոյթը: Մարիօ Նալպանտեան նախ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, դիմեց Թուրքիոյ՝ ճանչնալու ի՛ր իսկ պատմութիւնը, եւ կոչ ըրաւ բոլորին մասնակից դառնալու 100ամեակի ոգեկոչումին: Ապա ան պատասխանեց ատրպէյճանական կուսակցութեան ներկայացուցիչի հակահայ ելոյթին՝ ցաւ յայտնելով, որ այդ կուսակցութիւնը փաստօրէն դարձած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու գործիքը:

Ժողովի աւարտին, իր փակման խօսքին մէջ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ այդ ծիրին մէջ ըսաւ, թէ որոշուած է, որ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը գալիք տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, այդ հարցը դարձնէ օրակարգի նիւթ:

Նշենք, որ Ընկերվար միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է: Անիկա կը համախմբէ բոլոր մայր ցամաքներէն աւելի քան 140 երկիրներու շուրջ 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունեցող առաջին կուսակցութիւնն է: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան փոխնախագահն է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ սեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ: ՀՅԴի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY):

 


comments

Advertisement