Միացեալ Թագաւորութիւնը Հայկական սփիւռքին մասին փաստաթուղթ հրապարակած է

By Asbarez | Tuesday, 16 December 2014

 

ԼՈՆՏՈՆ.- Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը հրապարակած է հայկական Սփիւռքին վերաբերեալ փաստաթուղթ մը, որուն մէջ գնահատականներ տրուած են Սփիւռքի դերակատարութեան եւ գործունէութեան մասին:


Փաստաթուղթին համաձայն՝ հայկական Սփիւռքը յարաբերականօրէն ամենամեծն է յետխորհրդային երկիրներուն եւ առաւելապէս՝ Ռուսիոյ մէջ, իսկ անկէ ետք կու գան Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի գաղութները:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ ներկայիս հայկական Սփիւռքի թիւը 8-10 միլիոն է, որուն 2.3 միլիոնը կը գտնուի Ռուսիա, 1.5 միլիոնը՝ Միացեալ Նահանգներ, 400,000ը՝ Ֆրանսա եւ 200,000ը՝ Լիբանան: Ըստ փաստաթուղթին՝ շուրջ 80,000ական հայեր կ՛ապրին նաեւ Ուքրանիոյ, Լեհաստանի, Արժանթինի, Քանատայի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ: Մեծն Բրիտանիոյ հայկական համայնքի թիւը կը հասնի 18,000ի:

Քաղաքական կեանքի մասնակցութեան տեսանկիւնէն՝ ամէնէն աշխոյժ հայկական համայնքը Միացեալ Նահանգներու համայնքը կը նկատուի։ Փաստաթուղթը կ՛ակնկալէ, որ ամերիկահայութեան քաղաքական ազդեցութիւնը աճի յառաջիկայ երկու տարիներուն, յատկապէս՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին պատճառով:

Սփիւռքի դերակատարութեան վերաբերեալ, փաստաթուղթը կը նշէ, որ առաջին հերթին այդ օգնութիւնը կ՛արտացոլացուի Հայաստանի զարգացման գործին մէջ անոր ունեցած տնտեսական ներդրումներով, որ կը գահատուի 2 միլիառ տոլարով՝ 1992էն ի վեր։ Կը շեշտուի նաեւ Հայաստանի «մարդկային դրամագլուխը» զարգացնելու գործին մէջ Սփիւռքի օժանդակութեան կենսական կարեւորութիւնը՝ ակնարկելով շարք մը ոլորտներու մէջ մայր հայրենիքին ցուցաբերուած արհեստագիտական օժանդակութեանց, որոնք 1992էն ի վեր բազմացած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ:

Փաստաթուղթին համաձայն՝ Սփիւռքը Հայաստանին կ՛օգնէ ոչ միայն իր սեփական միջոցներով, այլեւ կը կազմակերպէ օտար կառավարութիւններու կողմէ Հայաստանին եւ Արցախին ցուցաբերուող օգնութիւններ:

Հայկական լոպիները կը ներկայացուին որպէս միջազգայնօրէն Հայկական Հարցի առաջ մղման գործին մէջ բարձր արդիւնաւէտութիւն ունեցող կառոյցներ: Իբրեւ օրինակ կը նշուի հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասով, փաստաթուղթի հեղինակները կը յայտնեն, թէ հակառակ այդ յարաբերութիւններու սերտութեան, երբեմն տարակարծութիւններ կը ծագին, ինչպէս օրինակ՝ Սփիւռքի հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու բացասական արձագանգը՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:

Ըստ փաստաթուղթին՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները աւելի սրած էին նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պաշտօնավարման տարիներուն (1991-1998), որովհետեւ ան կը քննադատէր Սփիւռքը՝ հայկական իրականութեան եւ Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական իրադարձութիւնները ո՛չ իրապաշտ դիրքերէ ընկալելուն եւ մեկնաբանելուն համար: Կը նշուի անոր պաշտօնավարման ժամանակ ՀՅԴի գործունէութեան արգիլումը, ինչպէս նաեւ՝ անոր հրաժարականին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ ի յայտ եկած իրավիճակին միջեւ կապը:

Ընդհանուր առմամբ, համաձայն փաստաթուղթի գնահատականներուն՝ նախորդ տասը տարիներուն, Հայաստան ամբողջութեամբ չէ կրցած օգտագործել Սփիւռքի կարողականութիւնը, յատկապէս՝ տնտեսական ներդրումներու տեսակէկտէն, որուն պատճառը Հայաստանի տնտեսութեան շարք մը մարզերուն մէջ հաստատուած մենատիրութիւնները կը նկատուին:

Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ կը յիշատակուի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը:

Փաստաթուղթին մէջ, իբրեւ Սփիւռքէն Հայաստան մնայուն բնակութեան մեկնած գործիչներ նշուած են Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Վարդան Օսկանեանի անունները:

Ընդհանրացնելով՝ փաստաթուղթին մէջ կը յայտնուի, որ Սփիւռքի դերը կը շարունակէ էական մնալ տնտեսական աջակցութեան ցուցաբերման գծով, իսկ արտաքին քաղաքականութեան հետ կապուած հարցերու պարագային, ինչպէս՝ ԼՂ հակամարտութիւնն ու հայ-թրքական յարաբերութիւնները, կարելի է Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ որոշ տարակարծութիւններ ակնկալել:

 


comments

Advertisement