By Asbarez | Wednesday, 17 December 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ, պատասխանելով Արցախի հակամարտութեան լուծման աշխատանքներուն մասին ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան մէկ հարցումին՝ ըսած է. «Եթէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները շատ անգամ իրենց տեսակէտները չեն կիսեր մամուլին հետ, անիկա չի նշանակեր, թէ անոնք չեն աշխատիր»։
Դեսպանը նշած է, որ համանախագահները լուրջ աշխատանք կը տանին ու «ամէն ինչ կ՛ընեն», որպէսզի հակամարտութեան կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը վերականգնի եւ բանակցութիւնները աւելի յաճախակի դառնան:
«Կը հետեւիմ բանակցային գործընթացին, սակայն բանակցութիւնները իմ պարտականութիւններուս սահմաններուն մէջ չեն։ Տեղեակ չեմ համանախագահներու ծրագիրներէն, եւ չեմ գիտեր, թէ անոնք ինչո՞ւ այդչափ զգուշաւոր են: Սակայն կրնամ ըսել, որ համանախագահներուն միջեւ համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է եւ անոնք միշտ կապի մէջ են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ», ըսած է ֆրանսացի դիւանագէտը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ