Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը՝ Ապու Տապիի միջ-կրօնական համագումարին

By Asbarez | Wednesday, 17 December 2014

 

10-12 Դեկտեմբերին, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, նախաձեռնութեամբ «Կրօններ Խաղաղութեան Համար» միջազգային միջ-կրօնական կազմակերպութեան եւ մասնակցութեամբ կազմակերպութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն, Վատիկանի, Վիեննայի Միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող միջազգային շարք մը այլ կազմակերպութիւններու:

Յիշեալ հանդիպման նպատակն էր հաւաքական կեցուածք մը բանաձեւել կրօնական ծայրայեղականութեան դէմ: Ընդառաջելով ժողովի կազմակերպիչ յաձնախումբի հրաւէրին, Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ ժամ մը մասնակից եղաւ ժողովական աշխատանքներուն եւ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն:

Վեհափառը ողջունելով ծայրայեղական շարժումներուն դէմ հաւաքական կեցուածք ճշդելու ճիգը, ըսաւ. «Ծայրայեղութիւնը բոլոր կրօններու պարագային վտանգաւոր երեւոյթ մըն է, որովհետեւ ան շեղում մըն է տուեալ կրօնի ուսուցումներէն, արժէքներէն եւ սկզբունքներէն: Հետեւաբար, կրօններ պէտք է իրենց մասնակցութիւնը բերեն ծայրայեղականութեան դէմ համաշխարհային պայքարին, պահելով իրենց մասնակցութեան ու նպաստին իւրայատկութիւնը»: Ապա, վեհափառը հետեւեալ երկու շրջագիծերուն մէջ ներկաներուն փոխանցեց իր մտածումներն ու վերլուծումները.

«Ինչպէ՞ս կարելի է նկարագրական մօտեցումէն ուղղուիլ վերլուծական մօտեցման: Ճիշդ չէ միայն նկարագրել, պարզել ծայրայեղականութեան զանազան արտայայտութիւններն ու հետեւանքները: Անհրաժեշտ է վերլուծել անոնց ետին գտնուող դրդապատճառները: Այս ուղղութեամբ իսլամ աստուածաբաններ, պատմաբաններ ու կրօնական պատասխանատուներ կարեւոր դեր ունին կատարելիք»: Շարունակելով իր խօսքը, հայրապետըը այս ծիրէն ներս անդրադարձաւ եւ պարզեց իր մտածումները հետեւեալ հարցերուն շուրջ. «Քուրանի սխալ մեկնաբանութեան, կրօնը գաղափարախօսութեան վերածելու ճիգին եւ ուրիշը մերժելու մօտեցումին»:

«Ինչպէ՞ս կարելի է վերլուծական հանգրուանէն ուղղուիլ ծայրայեղականութեան դէմ հաւաքական պայքարի հանգրուանին: Ծայրայեղականութիւնը կարելի չէ սոսկ զինուորական ուժով արմատախիլ ընել: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ գաղափարախօսութիւնները բնաջնջելու պայքարը պէտք է ունենայ զանազան տարածքներ ու արտայայտութիւններ: Հետեւաբար, ծայրայեղականութեան դէմ տարուող համաշխարհային պայքարին մէջ անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ հետեւեալները՝ դաստիարակութիւն, «ուրիշը» յարգելու պարտաւորութիւն, միասնաբար ապրելու հրամայականը՝ յարգելով մեր տարբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց արժէքները, որոնք կը կազմեն հիմքը ընկերութեան»: Յիշեալ հարցերուն գծով, վեհափառը լայն բացատրութիւններ տալէ ետք, եզրակացնելով շեշտեց, թէ կրօնները կարեւոր դեր ունին արմատական ու ծայրայեղական շարժումներուն դէմ պայքարին մէջ: Այս ծիրէն ներս, կաթողիկոսը կոչ ուղղեց իսլամ կրօնական ու քաղաքական ղեկավարներուն, աւելի ազդու մասնակցութիւն ունենալու ծայրայեղականութեան դէմ տարուող պայքարին:

Արամ Ա. կաթողիկոսի կատարած վերլուծումները մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցան ներկաներուն կողմէ: Ժողովականներէն ոմանք խօսք առնելով իրենց գնահատանքը յայտնեցին եւ որոշ հարցեր արծարծելով ուզեցին ունենալ վեհափառին տեսակէտը: Յայտնենք, որ ժողովին սկիզբը, ատենապետը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ միջ-կրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան գծով վեհափառին ունեցած հարուստ փորձառութեան մասին եւ փափաք յայտնեց, որ երբեմն ժողովական աշխատանքներու մասնակից դառնայ եւ իր կարեւոր նպաստը բերէ միջ-կրօնական երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու ձգտող ծրագիրներուն:

 


comments

Advertisement