Մինսկի խումբը կը փորձէ նախագահներու հանդիպումները համալրող ուղիներ գտնել

By Asbarez | Friday, 19 December 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերուն միջեւ կապերու հաստատման նպաստելու նպատակով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները կը փորձեն այլընտրանքային, ստեղծագործական ուղիներ գտնել: 19 Դեկտեմբերին հրաժեշտի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն։ Ան կը պատասխանէր «Նիուզ»ի թղթակիցին այն հարցումին, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք յայտարարած էր, թէ ղարաբաղեան հարցին առնչուող բանակցութիւնները նոր մակարդակ տեղափոխելու անհրաժեշտութիւն կայ, սակայն ի՞նչ մակարդակի մասին կը խօսուի, եթէ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադարի դրութիւնը ատրպէյճանական կողմէն պարբերաբար կը խախտուի, իսկ Պաքու ապակառուցողական քաղաքականութիւն կը վարէ:

Ըստ դեսպանին՝ ինչպէս Ճ. Ուորլիք, այնպէս ալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները կը փորձեն բանակցային գործընթացի յառաջխաղացքին համար նոր ուղիներ գտնել: «Անոնք ուղիներ կը գտնեն եւ կ՛աշխատին այնքան ատեն, որքան անհրաժեշտ է յառաջընթացի հասնելու համար։ Անոնք նաեւ կը փորձեն կողմերուն միջեւ կապերու հաստատման նպաստելու նպատակով այլընտրանքային, ստեղծագործական ուղիներ գտնել: Միջնորդներուն հիմնական դերը կողմերը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստեցնելուն նպաստելն է», յայտնած է դեսպան Հեֆըրն: Պարզ է, որ ելակէտային քաղաքական որոշումները պէտք է տրուին նախագահական մակարդակի վրայ: «Միջնորդները կը փորձեն գտնել այն ձեւաչափերը, որոնք պիտի համալրեն նախագահական մակարդակով հանդիպումները», ընդգծած է Ճան Հեֆըրն:

 


comments