Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Պաշշար Ասատի հետ հանդիպման ընթացքին խօսած է ցեղասպանութեան տարելիցին մասին

By Asbarez | Monday, 22 December 2014

 

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դեկտեմբեր 21ին ընդունած է իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնական առաջնորդները: Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպման ընթաքին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է նախագահին ընդունելութեան համար: Սրբազանը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ կարեւոր համարած է Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին մարդասէր եւ փրկարար դերը Մեծ Եղեռնի տարիներուն:


Ըստ «Արմէնփրէս»ի, որ կը վկայակոչէ սուրիական «ՍԱՆԱ» գործակալութիւնը, կրօնական առաջնորդները նախագահին այցելած էին Կրօնի նախարարութեան ամէնամեայ համաժողովէն ետք: Հանդիպման ընթացքին նախագահ Ասատ նշած է, որ նման հանդիպումները մեծ նշանակութիւն ունին ազգային եւ պատմական մակարդակով եւ կ՛արտացոլացնեն սուրիական հասարակութեան ուժն ու միասնականութիւնը իրենց ամբողջ կրօնական եւ ցեղային հարստութեամբ, ինչ որ հայրենիքի տոկունութեան հիմքերէն մէկն է դաժան պատերազմին ընթացքին:

Ասատ նաեւ նշած է, որ սուրիացիներու գիտակցումը, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ, նոր դռներ կը բանայ կրօնական գործունէութեան համար, ինչ որ պէտք է ուշադրութեան կեդրոնին պահէ տարբերութիւնները ոչնչացնող ծայրայեղութեան եւ իրական իսլամութեան միջեւ, որ հիմնուած է բարոյականութեան, սիրոյ, համագործակցութեան եւ հանդուրժողականութեան վրայ: Նախագահը կարեւորած է անոնց դերը ազգային հաշտեցման ամրապնդման հարցով:

Մասնակիցները իրենց հերթին հաւաստիացուցած են, որ Սուրիան պիտի մնայ մշակութային բազմազանութեան, ազգի միասնականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վառ օրինակ, որ կը մերժէ օտար ծայրայեղական գաղափարները:

 


comments

Advertisement