10 տարուան վաւերականութեամբ Ամերիկեան վիզաներ կը տրուին արդէն

By Asbarez | Monday, 22 December 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 10 տարուան վաւերականութեամբ զբօսաշրջային ու գործնական վիզաներու տուչութիւնը արդէն կարելի պիտի ըլլայ 22 Դեկտեմբերէն սկսեալ։

Դեսպանութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ նոր գոյացած փոխադարձ համաձայնութեամբ, այս մէկը կարելի պիտի ըլլայ 1 Յունուարէն, սակայն արդէն իսկ այդ տուչութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ մտած են. B տեսակի ոչ ներգաղթային վիզայի համար դիմած Հայաստանի քաղաքացիները կրնան ստանալ բազմակի մուտքի մինչեւ 10 տարի վաւերականութեամբ վիզաներ՝ գործնական ու զբօսաշրջային ուղեւորութիւններու համար:

F, M կամ J տեսակի վիզաներ ստանալու իրաւասութիւն ունեցող, փոխանակման ծրագիրներու մասնակիցներուն եւ անոնց հովանաւորութեան տակ գտնուող անձերուն այսուհետեւ պիտի տրուին բազմակի մուտքի մինչեւ 5 տարի վաւերականութեամբ վիզաներ:

Վիզայի համար կատարուող վճարումները կը մնան անփոփոխ։

 


comments

Advertisement