Սուրիացիները պատրաստ են ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու Սուրիոյ մէջ. Ասատ

By Asbarez | Tuesday, 23 December 2014

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոս այցելած Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ Դեկտեմբեր 22ին ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ սուրիացիները պատրաստակամութիւն ունին իրենց երկիրին մէջ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնները արմատախիլ ընելու: «Պայքարելով ահաբեկչութեան դէմ՝ սուրիացիները պիտի ամրապնդեն ազգային զինադադարի հոլովոյթը, մինչեւ անիկա ներառէ Սուրիոյ բոլոր շրջանները», նշած է Ասատ:


Իր կարգին, Լարիճանիի հետ տեսակցած Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճիհատ Լահամ ընդգծած է կարեւորութիւնը այն աջակցութեան, զոր «Սուրիոյ կը տրամադրեն Իրանը, Ռուսիան, Չինաստանը եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրները»:

Նշենք, որ Լարիճանի Դամասկոսէն Լիբանան անցած է՝ հանդիպումներ ունենալով վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ։
Ան ընդգծեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը՝ աւելցնելով, որ Իրան կը գործակցի Ռուսիոյ հետ, Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու նպատակով։

 


comments