Ամանորի սեմին Հալէպի տարբեր շրջաններ հրթիռակոծման ենթարկուեցան

By Asbarez | Wednesday, 31 December 2014

 

ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Չիլափոշեան-Պօղիկեան կը տեղեկացնէ. «Երեքշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2014ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հր-թիռակոծման ենթարկուեցան Հալէպի զանազան շրջանները, որոնց մէջ նաեւ հայահոծ թաղամասեր՝ Սուլէյմանիէն ու Նորգիւղը: Սուլէյմանիէի մէջ ինկած հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով վիրաւորուեցան մէկէ աւելի քաղաքացիներ, որոնց մէջ նաեւ հայորդիներ, լուրջ վնասներ կրեցին շրջանի աշխատավայրերն ու բնակարանները: Միւս կողմէ, պետական աղբիւրներ հաստատեցին, թէ ելեկտրականութիւնն ու ջուրը աստիճանաբար սկսան միանալու շուրջ 5 օրուան մնայուն անջատումէն ետք»:

comments