Հայ թեկնածուն ընտրուեցաւ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ

By Asbarez | Wednesday, 31 December 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան խորհուրդի 15 անդամներէն մէկը կը հանդիսանայ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչը։ Նոր ներկայացուցիչին անունը պաշտօնապէս յայտնի դարձաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 28ին։

Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, նոր ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ տոքթ. Թորոս Ալճան, որ հայ համայնքին կողմէ առաջադրուած էր որպէս նախորդ ներկայացուցիչին՝ Լաքի Վինկասի յաջորդը։ Տոքթ. Թորոս Ալճան նաեւ Դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետն է։

Ընտրութեանց ընթացքին տոքթ. Թորոս Ալճան ստացած է 90 քուէ, իսկ հրեայ ներկայացուցիչ Սիլվիօ Օվատիա՝ 36 քուէ։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ կը գործեն փոքրամասնական 166 վագըֆներ՝ հայկական, յունական, հրէական, ասորական եւ պուլկարական։

Տոքթ. Թորոս Ալճան ծնած է 1966ին։ Ան յայտնի ատամնաբոյժ է եւ հեղինակ է գիտական բազմաթիւ աշխատութիւններու։

Այսուհետեւ ան Անգարայի իշխանութիւններուն մօտ պիտի ներկայացնէ երկիրի բոլոր փոքրամասնութիւնները:

comments